Գրականություն 9

Կոմիտաս “Այդ հացը գնահատանք չէ”

Ես կարդացի, “Այդ հացը գնահատանք չէ” որտեղ ասվում էր որ՝ Փարիզի Խնամատար մարմինը, որ տարիներ ի վեր շալկած է հէք վարդապետին ապրուստի հոգը, Յունիս 28-ը «Կոմիտասի օր» հռչակած է:

Չկարծէք թէ այս կարգադրութիւնը եղած է պանծացնելու համար անոր լուսեղէն հանճարը, կամ առիթ տալու որ հայ ժողովուրդը տարիներ վերջ վերապրի Սահմանադրութեան շրջանի օրերը, երբ վարդապետը իր անունը կը պանծացնէր օտար հիացիկ ականջներու առջեւ եւ խստադատ երաժիշտներու զարմացական ակնարկներու տակ:

Ո՛չ, այդ «օր»էն նպաստի հոտ կու գայ, նուաստացուցիչՙ ենթակային, եւ մանաւանդ հանրութեան համար: Ճիշդ ինչպէս, էր երբեմն ներկայացումներ կը տրուէին դերասաններու համար, բայց կը տիտղոսուէին «ի պատիւ»ով, փոխանակ «ի նպաստ»ի…:

Նախաձեռնողին անունը ինքնին պերճախօս ցուցանիշ է: Վարդապետին աշակերտները կամ երաժիշտ հիացողները չեն որ «Յունիս 28»ը յայտարարած են, այլ Խնամատար մարմինը: Եւ բացառապէս մէ՛կ նպատակովՙ չոր հացի կրամ մը ճարել…:

Ի՜նչ հեգնանք: Լալկան կոչերով «հանապազօրեայ հաց»ը կ՛ուզուի այն մարդուն համար, որ «Հայր մեր»ով այդ կոչը թնդացուց կամարներու տակ եւ հազարաւորներու ներկայութեան, բայց ի խնդիր ո՛չ թէ ստամոքսի, այլ հոգեկան գոհացումի, երաժշտական անճառ վայելքի, ցեղային եսի գգուումին, ազգային արժանապատուութեան բարձրացման…